2016-04-11 09:34:00

Գերապայծառ Կուտզիաք` ''Բոլոր ուքրանացիները երախտապարտ են Ֆրանչիսկոս Պապին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Կուտզիաք` Ուկրանիոյ բիւզանդածէս եպիսկոպոսներու բանբերը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ բոլոր ուքրանացիները երախտապարտ են ֆրանչիսկոս Պապին, անոր  մատուցած նպաստին համար։

''Բոլոր Ուքրանացիները երախտապարտ են ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառումին ու յատկապէս 24 ապրիլին ձեռնարկած  հայրական նախաձեռնութեան համար, որ ոչ միայն նիւթական արժէք մը ունի, այլ եւ հոգեւոր'', ըսաւ Գերապայծառ Gudziak, մատնանշելով որ շուրջ 5 միլիոն Ուքրանացիներ զոհ են  պատերազմին,  որու մասին միջազգային մամուլը լուռ կը մնայ։

Խրիմի բոլոր եկեղեցիները դժուարութեան մէջ են, ոչ միայն կաթողիկէները, այլ եւ օրթոտոքսները։ Կաթողիկէ եկեղեցականներուն մեծ մասը պարտաւորուեցաւ հեռանալ։ Անոնցմէ մէկ մասը ձերբակալուեցաւ մինչ ուրիշներ գանակոծուեցան։

Յայտնենք թէ`   24 Ապրիլին նախատեսուած դրամահաւաքը յանձնուած է “Cor Unum” քահանայապետական բարեսիրական մարմնի հոգատարութեան որուն միջոցաւ, դրամական նպաստը պիտի բաշխուի Ուկրանիոյ կարօտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.